2011-02-20 09:16:58

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Երեք Նոր Սուրբեր Պիտի Հռչակէ `Երկու Իտալացի Եւ Մէկ Սպանացի։


21 փետրուարին Նորին Սրբութիւնը պիտի գլխաւորէ կարտինալական հրապարակային ժողով մը, նուիրուած՝ երեք երանելիներու սրբադասման դատին։ Այդ առթիւ Սրբազան Քահանայապետը անոնց սրբադասման թուականը պիտի յայտնէ. արքեպիսկոպոս մը, իտալացի քահանայ մը եւ սպանացի կրօնաւորուհի մը։
Երանելի Լուիճի Կուանելլա, որ ապրած է Տոն Պոսքոյի օրով (1842-1915) սկիզբը մաս կը կազմէր սալեզեան միաբանութեան ապա քաշուեցաւ իր թեմը Գոմօ քաղաքը` հիւսիսային Իտալիա, ուր իր հովուութիւնը կը կատարէր տարեցներուն մօտ։
Ան հիմնեց երկու եկեղեցական հասարակութիւններ աղքատներու ի սպաս` նախախնամութեան դուստրերը Ս. Կոյս Մարիամի եւ եղբայրօգութեան սպասաւորներ։ Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը 25 հոկտեմբեր 1964-ին զինք երանելի հռչակած էր։
Միւս իտալացի երանելին՝ խորաններու պատւոյն պիտի բարձրանայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կողմէ՝ յանձին երանելի Կուիտօ Մարիա Գոնֆորդի (1865-1931)։ Իտալիոյ Բարմա քաղաքի այս արքեպիսկոպոսը երանելի հռչակուած՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 1996ին, հիմնադիրն է սուրբ ֆրանսուա Կզավիէի միաբանութեան, վասն աւետարնի քարոզութեան։
Իսկ սպանացի կրօնաւորուհի Պոնիֆասիա Րոտրիկէզ դէ Գասդրօ (1837-1905) նաեւ սուրբ պիտի հռչակուի։ Ան Երանուհի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 2003ին։ Հիմնած է ''սուրբ Յովսէփի սպասուհիները'' միաբանութիւնը որ կը ներգործէ աշխատանքի աշխարհին մէջ։
Յայտնենք թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անձամբ պիտի հանդիսապետէ սրբադասումի ծիսակատարութիւնը, վատիկանի մէջ։ Մինչեւ օրս Նորին Սրբութիւնը հռչակած է 37 սուրբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.